2014-10-31 13:33:54

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Կաթողիկէ Խարիզմադիկ մէկ եղբայրութեան անդամներուն հետ հանդիպում։


(Ռ.Վ. 31 հոկտեմբեր 2014) Ուրբաթ` 31 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Պելկիոյ դեսպան` Տիար Պրունօ Նէվ Տէ Մէվերժինին, ապա ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի քարտուղարը գերապայծառ Լուիս Ֆրանսիսքօ Ֆերրէրը հուսկ ընդունեց գերապայծառ Մարդին Քրէպսը` Խաղաղական Ովկիանոսի երկիրներուն առաքելական նուիրակը որմէ ետք ընդունեց Պրազիլիայի արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Սերժօ Տա Րոքան։
Ժամը 12-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը ընդունեց ''Catholic Fraternity of Charismatic Covenant Communities and Fellowships'' եղբայրութեան անդամները ու անոնց ուղղած իր ճառին մէջ ըսաւ.

Ձեզի սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ միութեան հոգիի եւ շնորհքի հանդէպ Ձեր տուած վկայութեան, որ կ'ընձեռէք ամբողջ աշխարհին։

Կ'ուզեմ Ձեր ուշադրութեան յանձնել քանի մը կէտեր։
Առաջինը՝ միութիւն բազմազանութեան մէջ։ Միութիւնը միաձեւութիւն չէ։ Միութիւն չի նշանակեր կորսնցնել ինքնութիւնը։ Միութիւն կը նշանակէ ընկալել եւ ընդունիլ զանազան պարգեւները, որոնք Սուրբ Հոգին կը շնորհէ իւրաքանչիւրին, եւ տրամադրել այդ պարգեւները ընդհանուր եկեղեցւոյ բարիքին։ Միութիւն կը նշանակէ գիտնալ ընդունիլ բազմազանութիւնը, ունենալ ազատութիւնը՝ մտածելու այլ կերպով եւ արտայայտուիլ կատարեալ յարգանքով եղբօր եւ քրոջ հանդէպ։ Մի՛ վախնաք բազմազանութենէ։

Երկրորդ՝ Սուրբ Հոգիի ներգործութիւնը։ Եկեղեցին պէտք ունի Սուրբ Հոգիին։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է ունենայ բաց սիրտ Սուրբ Հոգիի սրբարար ներգործման հանդէպ։ Սուրբ Հոգին, որ Հայր Աստուած մեզի խոստացաւ, կը յայտնէ մեզի Քրիստոսը, եւ կ'առաջնորդէ մեզ ապրելու Քրիստոսի հետ անհատական մտերմութեամբ։ Բաժնեկի՛ց ըրէք բոլորը Ձեր ապրումներուն, որ կը բխին Քրիստոսի մտերմութենէն։

Երրորդ՝ Աստուծոյ փառաբանութիւնը։ Աստուած փառաբանելը մեզի կեանք կը շնորհէ, որովհետեւ մտերմութիւն է Աստուծո՛յ հետ։ Շնչառութիւնը ունի երկու հանգրուան - ներշնչել եւ արտաշնչել։ Հոգեւոր կեանքն ալ շնչառութեան նման նախ աղօթքի միջոցով կ' ընկալէ հոգիէն ներս Սուրբ Հոգին եւ ապա կ'արտաշնչէ աւետարանելով յարուցեալ Քրիստոսը առաքելութեան հոգիով։ Առանց Աստուծոյ փառաբանութեան եւ առաքելութեան հոգիի՝ չկայ Քրիստոնէական կեանք։

Այս օրերուն մեր փառաբանութեան եւ պաղատանքի աղօթքը կ'ուղղենք Աստուծոյ՝ յատկապէս մեր հալածուած եւ սպաննուած քրիստոնեայ եղբայրներուն եւ ալեկոծ աշխարհի խաղաղութեան համար։
Յիսուս Քրիստոս իր կտակին մէջ կը շեշտէ որ իրեն հետեւողներու միութեա՛ն հոգին է վկայ՝ որ անոնք Քրիստոսի կը պատկանին, վկայ՝ որ Քրիստոս Փրկիչն է՝ առաքուած Հօր Աստուծոյ կողմէ։

Հոգեւոր համամիութենականութիւն՝ կը նշանակէ աղօթել միասին, եւ միասնաբար դաւանիլ որ Քրիստոս է Տէրը. կը նշանակէ՝ միասնաբար օգնել կարօտեալին իր բոլոր կարիքներուն մէջ։

Այսօր աշխարհի զանազան կողմերը թափուած քրիստոնեաներուն արիւնը Քրիստոսի՛ արիւնն է։ Այս իրականութիւնը մեզ պէտք է բուռն կերպով մղէ միութեան։ Հալածողներուն համար չկայ տարբերութիւն. բոլորս կը նկատուինք Քրիստոնեայ։ Ահա արեան համամիութենականութիւն։
Նկրտեցէ՛ք միութեան, որ Սուրբ Հոգիին արարքն է, եւ մի՛ վախնաք բազմազանութենէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.